Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/225

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

չեխ լեգէոններու նման, կարող էր խոչընդոտ հանդիսասնալ շրջանի ռուսացման:

Երկրորդ. ՏաճկաՀայաստանը գրաւելէն ետք, կամաւորներու դերը կը համարուէր վերջացած։

Երրորդ. ԹրքաՀայաստանի մէջ այլեւս հայեր չկային: Մնացած էին քիւրտեր, որոնց ռուս կառավարութիւնը կուզէր սիրաշահիլ եւ այդ նպատակով ուղարկած էր յատուկ գործակալ իշխան Շախտսկոյը։

Չորրորդ. մթերքի եւ հրացաններու պակասը արեւմտեան ճակատի վրայ կը ստիպէր յետ առնել Հայ կամաւորներու երեքգծեան հրացանները եւ փոխարինել զանոնք բերտաններով:

Հայ կամաւորներու կացութիւնը ողբերգական էր։ Իշխանութիւնը, արդարացնելու համար իր վերաբերմունքը, բարդեց կամաւորներու վրայ ծանր յանցանքներ. մեղադրեց զանոնք դասալքութեան, քիւրտերու վրայ բռնութիւն գործ դնելու մէջ. մինչեւ անգամ մեղադրեց Հայ կամաւորները կոզակներու վրայ կրակելու մէջ։

Ես պահանջեցի քննութիւն կատարել, որ եւ ցոյց տուաւ լուրերու անհիմն լինելը։

Փոխարքայի օգնական զօր. Եասնուշկեւիչի մօտ խորհրդակցութիւն մը կար, որուն կը մասնակցեին վեց զօրավարներ։ Ես հրաւիրուած էի լսելու հայերու դէմ եղած ամբաստանութիւնները։ Փաստերով աշխատեցայ հերքել մեղադրանքները:

Ազգային Բիւրոն, յանձինս բանաստեղծ Յ. Թումանեանի եւ իրաւաբան Խունունցի նշանակեց