Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/226

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

յանձնաժողով՝ պաշտօն տալով անոնց տեղին վրայ քննելու խնդիրը։

Արդէն վերը լսի, որ այդ բոլոր զրպարտութիւնները մէկ նպատակ ունէին. զինաթափ ընել կամաւորական խումբերը։

Անցեալ դարու մէջ, հիւսիսային Կովկասի գրաւման ժամանակ, ռուս կառավարութիւնը նոյն քաղաքականութիւնը վարած էր։ Չեչեններու, լեռնականներու եւ ներկիզներու պարտութենէն ետք, ուղարկուած էին կողակներ, որոնք յատկացուցած էին լաւագոյն հողերը եւ ստեղծած բնիկներու եւ եկուորներու միջեւ հակամարտութիւն։

Ահա թէ ինչ կը գրէ զօր. Իւդենիչը Փոխարքային՝ իր թիւ 1482,5 Ապրիլ 1915 թուակիր նամակով.

«Մեզ պէտք է հերկել Ալաշկերտի հովիտի դաշտերը եւ ես կը կարծեմ, որ լաւագոյնը կը լինի այստեղ ուղարկել ռուս տարրեր՝ թուրքերու եւ քիւրտերու թողուած հողերը մշակելու հաամր: Հայերն այստեղ զբաղած են այդ գործով, բայց մեզ համար ցանկալի չէ այդ, որովհետեւ ապագային դժուար կը լինի անոնց ձեռքէն խլել այդ հողերը։ Ինձ կը թուի, թէ նպատակայարմար Դոնէն եւ Կուբանէն տեղափոխել կոզակներ՝ սահմանակից շրջաններու համար եւ այդպիսով ստեղծել Ալաշկերտի կամ Եփրատի կողակային նոր զօրամաս։ Անոնց պէտք է միայն զէնք տալ եւ պարտաւորեցնել գալ այստեղ իրենց անասուններով եւ ձիերավ»։

Փոխարքան Հաստատեց այս ծրագիրը: Սակայն, ռուսական յեղափոխութիւնը իր յորձանքներու մէջ