Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/227

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

խեղդեց ոչ միայն այս ծրագիրը, այլեւ ռուս բանակի յաղթութիւններու բոլոր պտուղները։

Ռուս կառաւարութիւնը միանգամայն անտես կառնէր հայ կամաւորներու ռազմական քաջագործութիւնները։ Ես գանգատեցայ այդ մասին բարձր իշխանութեան եւ 1915 Մարտ 18ին, գլխաւոր սպայակոյտի պետէն ստացայ նամակ մը, որով կը հաղորդրւէր ինձ, թէէ կարգադրութիւն եղած է թերթերու մէջ արձանագրել նաեւ հայ զինուորներու քաջութիւնները։

Նամակը, սակայն, առանձին հետեւանք չունեցաւ: Ճիշդ նոյն ժամանակներուն, կառաւարութիւնը սկսաւ սիրաշահիլ քիւրտերը՝ անոնց մէջ տեսնելով իրեն հաւատարիմ գործակիցներ։

Վանի նահանգապետ Արամը յատուկ գրութեամբ դիմեց զօր. Նիկոլայեւին զգուշացնելով զայն, որ քիւրտերը խարդախ են եւ վատութեամբ կը փոխարինեն ռուսներու լաւութիւնները։ Քիւրտերը այդպես ալ ըրին ռուս զօրքերու նահանջի ժամանակ։ Արամը այդ մասին գրած էր ե՛ւ ինձ ու ես անմիջապէս դիմեցի իշխանութեան՝ ցոյց տալով այն վտանգը, որ կը սպառնար հայերուն՝ քիւրտերու իրենց լքած գիւղերը վերադառնալու պատճառով։

Մէկ խօսքով, ինչպէս կը տեսնէ ընթերցողը, ամէն կողմէն հայերուն համար ստեղծուած էր աննպաստ կացութիւն մը։ Արեւմտեան ճակատի վրայ, Դաշնակիցներու դրութիւնը նոյնպէս լաւ չէր եւ դժուար էր արդէն նախատեսել պատերազմի իսկական վախճանը:

Կովկասի թուրքերը այդ պատճառով լուռ թշնա—