Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/228

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մանքով կը վերաբերէին դէպի մեզ, մանաւանդ դէպի մեր կամաւորները, որոնց շուրջ կը կուտակուէին թշնամական տրամադրութիւններ։

Տեսնելով այդ բոլորը մենք անկարող էինք սակայն, ինչպէս անկարող ենք եւ այսօր, մեր յարաբերութիւնները խզել Ռուսաստանի հետ։ Չէ՞ որ մեր քաղաքական բախտը անոր ձեռքն էր լիովին։ Մեզ կը մնար համաձայնուել, համակերպիլ, խնդրել, որովհետեւ ուժ չունէինք մեր կամքը պարտադրելու: Այսօր ալ մեզ վիճակուած է ազգային նոյն դժբախտութիւնը. կը զգանք մեր դատի արդարութիւնը, բայց թոյլ ենք երկուան պէս։

Անձամբ, ամէնէն աւելի ենթակայ էի բարոյական ճնշումներու եւ ուրախ եմ, որ իմ շրջապատը միշտ հասկցաւ իմ կացութեան ծանրութիւնը: Յաճախ խօսած եւ բանակցած այնպիսի մարդոց հետ, զորս ատած եմ եւ արհամարհած եմ, բայց ստիպուած եմ եղեր համակերպիլ, որովհետեւ այդ մարդոցմէն էր կախուած հայ ժողովուրդի բախտը։ Ծանր է միշտ բանակցիլ մէկու մը հետ, երբ ան տեղեակ է, որ դու թոյլ ես եւ անզօր։ Հոգեբանական այդ ծանր վիճակը ապրած եմ ե՛ւ ռուս իշխանութեան մօտ, ե՛ւ թուրքերու հետ բանակցելու ատեն, ե՛ւ Եւրոպայի մէջ ունեցած դիմումներուս ժամանակ։

Մենք ընդդիմադիր կուսակցութիւն չէինք, որուն գործը դիւրին է եւ անպատասխանատու: Մենք գործող տարր մըն էինք, պատրաստ՝ ենթարկւելու ամենախիստ քննադատութիւններու. որոշումներ կու տայինք եւ մեզ վրայ կառնէինք համակերպումի ծանր պատասխանատուութիւնը։