Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/229

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Մենք գիտէինք, որ բացի զինուորական գործողութիւններէն, հայ կամաւորներու վրայ դրոաած էր ուրիշ ծանր պարտականութիւն մը եւս. հսկել հայ գաղթականներուն եւ ապահովել անոնց նահանջը դէպի Կովկաս եւ կամ՝ ընդհակառակը: Ստիպուած՝ համակերպումի եւ զիջումներու ճամբան էինք բռնած՝ պահպանելու համար կամաւորներու գոյութիւնը։ Պէտք է ըսել, որ հարիւր հազարաւոր մարդիկ, շնորհիւ կամաւորներու, փրկեցին իրենց կեանքը։

Հայերու մէջ ալ կային մարդիկ, որ կը քննադատէին կամաւորական շարժումը։ Հայ սոցիալ—դէմոկրատները կը գտնէին, որ առանց շօշափելի օգուտի՝ կամաւորական շարժումը կը նետէ մեզ Ռուսաստանի գիրկը, այսինքն՝ Դաշնակիցներու գիրկը, որով մեր հարեւան թուրքերն ու վրացիները թշնամանքով կը վերաբերէին մեզ։

Որոշ ճշմարտութիւն կար այս քննադատութեանց մէջ։ Սակայն, պէտք էր ընդհանրապէս փոխել հայ քաղաքականութիւնը տաճիկներու հանդէպ։ Վրաց սոցիալ—դէմոկրատ ականաւոր գործիչներէն մէկը, զրոյցի մը մէջ, ինձ ըսաւ, թէ իրենք լսել անգամ չեն ուզեր կամաւորական բանակի մասին. «Բաւական է, որ 200 հազար վրացիներ կը կռուին Ռուսական ճակատներու վրայ»։ Ընդհակառակը, վրացիները մէկ կամաւորական խումբ կազմեցին, որ կռուեցաւ թուրքերու կողքին՝ ռուսներու դէմ։

Երկդիմի այս քաղաքականութիւնը չվնասեց վրացիներուն։ Այսօր, անոնք իրաւապէս ճանչցուած պետութիւն են եւ Փարիզի մէջ ունին իրենց դեսպանը, որ անդամ է դիւանագիտկան մարմնին։ Վրա–