Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/23

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

2 Դեկտեմբեր 1920ին, Ալեքսանդրապոլի մէջ, ամբարտաւան եւ յոխորտացող Գարապեքիրին դէմ դիւանագէտի ամբողջ ճարտարութիւնը ի գործ դրաւ՝ ժամանակ շահելու եւ ստոյգ բնաջնջումէ փրկելու հայ ազգի մնացորդացը, սրան բանակը արդէն իսկ քայքայուած էր եւ տարտղնւած։

Խատիսեւսնի ստանձնած քաղաքական առաքելութեանց պարզ թուարկումն իսկ բաւարար է ցոյց տալու անոր քաղաքագէտի եւ դիւանագէտի արժէքը։ Նուազագոյն յոգնածութեան եւ նահանջի տրամադրութիւններ չնշմարուեցան իր պաշտօնաւարութեան ատեն։ Կարծէք ծնած էր պետական ականաւոր գործիչ դառնալու։ Իր բնատուր տաղանդն ու փորձառու քաղաքագէտի հասունութիւնը կերաշխաւորեն իր չափի զգացումը եւ բ րոպէի քաղաքական գնահատումը. որոնք դժբախտաբար ընդհանրապէս կը պակսին հայ գործիչներու քաղաքական մտածողութեան մէջ։

3. ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՉԸ

Քաղաքական մարդը, անկասկած, կարելի չէ անջատել հանրային գործիչէն կամ հասարակական ծառայող-հեղինակութենէն: Քաղաքական ղեկավարը միեւնոյն ատեն ուղղակի կամ անուղղակի կերպով է նաեւ հանրային գործիչ, ըստ տեղի եւ գործի տարողութեան։ Ահա՛ թէ ինչու երբ անջատաբար կը ներկայացնենք Խատիսեան քա–