Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/230

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ցիներու յաջողութեան գլխաւոր պատճառը սակայն այն էր, որ խնդիրներ չունէին Տաճկաստանի հետ:

Վորոնցով—Դաշկովի մեկնումէն ետք, ռուսները առին Էրզրումը եւ կը պատրաստուէին գրաւել Պոլիսը։ Վրաց էքզարխը կըսէր ինձ, թէ ինք կը պատրաստւի Այա—Սոֆիան նորէն օծելու որպէս քրիստոնէական տաճար։

Կամաւորական խումբերու անհրաժեշտութիւնը կը դառնար աւելորդ: Սկսաւ հաշուեյարդարը։ Նախ՝ ազատ արձակուեցան անոնք, որ կը կամենային հանգիստի կոչուիլ։ Մնացած մասերը վերածուեցան ռուսական գունդերու, որոնց գլխաւորեցին ռուս կամ հայ զինուորականներ: Արձակուեցան հայ հրամանատարները։ Եւ 1919ի գարնան վերջացաւ կամաւորական բանակներու վերակազմութիւնը, որով ան ունեցաւ երկու տարուան գոյութիւն, 1914ի ամառէն սկսած մինչեւ 1916ի ամառը:

Այդ շարժումը, անկասկած, խոր հետքեր թողուց հայ ժողովուրդի քաղաքական ինքնագիտակցութեան մէջ. ան մեր քաղաքական անկախութեան կորիզը դարձաւ:

Ի հարկէ, կարելի չէ ըսել, թէ այդ շարժումը չունէր եւ իր բացասական կողմերը, որոնք յատուկ են ոչ կանոնաւոր զօրքերուն։ Չէ՞ որ անոնք կազմուած էին պատահական կերպով, առանց զինուորական դպրոցի եւ կարգապահութեան։ Ժամանակ չկար իսկ վարժութիւններու համար։ Հայ հրամանատարները խնդրած էին ինձ դիմել իշխանութեան, որ թոյլ տայ հայ կամաւորներուն վարժութիւններ ընէլ: Բայց կառավարութիւնը կը մերժէր եւ կը շտապեցնէր՝ ժա–