Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/231

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մանակ չունենալու պատճառով:

Հայ հրամանատարները, անցած լինելով յեղափոխական—հայդուկային դպրոցը, յաճախ չէին կարողանար կազմակերպուիլ կանոնաւոր զօրքերով կռուելու ձեւերուն. հանգամանք մը, որ յաճախ անհամաձայնութիւններու առիթ կու տար ռուս զօրավարներու եւ Անդրանիկի միջեւ:

Ռուս զօրավարները չէին հաշտուեր այն միտքի հետ, որ հրամանատարները կարելի է անուանել Դրօ, Քեռի, Անդրանիկ եւ կը պահանջէին զանոնք անւանել իրենց ազգանուններով։

Հայ կամաւորները, վրէժով լցուած, թուրք եւ քիւրտ գիւղացիներու վրայ կը նայէին որպէս թշնամիի. ինչ որ նոյնպէս դիւր չէր գար ռուս զօրավարներուն։ Վրացի եւ թուրք զօրավարները թշնամանքով կը վերաբերէին Հայ կամաւորներուն:

Հայ կամաւորական խումբերու լուծումէն ետք, մնաց անոնց հիմնական կորիզը։ 1917ին՝ երբ կը կազմուէր հայկական զօրամարմինը եւ 1918ին, երբ կը ստեղծուէր Հայկական բանակը, Հայ կամաւորները մտան բանակի մէջ եւ, կարելի է ըսել, զինուորական այդ փոքրիկ բջիջէն կազմուեցաւ Հայաստանի Հանրապետական բանակը։

Ինչպէս Ազգային Խորհուրդը դարձաւ Հայաստանի կառավարութիւն եւ կամաւորական խումբերը դարձան Հայկական բանակ, այնպէս ալ Թրքահայաստանի բարենորոգումներու գաղափարը դարձաւ Անկախ Պետութեան գաղափար:

Այս բոլորը Հարկաւ մէկ օրուան մէջ չէին, որ տեղի ունեցան։ Սերմերը ծլեցան, ծաղկեցան եւ տուին