Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/232

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

հրաշալի պտուղներ. բայց ոչնչացան Քեմալի եւ բոլշեւիկներու հարուածներուն տակ: Այդ հարուածներուն տակ, սակայն, մեռան մեր անկախութեան արտաքին ձեւերը միայն. էութիւնը մնաց դեռ։ Էութիւնը Հայ ժողովուրդի ոգին է, պետականութեան գաղափարը, մեր մշակոյթը, մեր գրականութիւնը, մեր յեղափոխական կորովը եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան գոյութիւնը։

Կամաւորական շարժումը նոյն հիմունքները ունէր, ինչ որ մեր քաղաքական մտածելակերպը: Չէ՞ որ կամաւորական խումբերու մէջ ի մի եկան, իրարմէ հեռու, իրարմէ բաժնուած տաճկահայ եւ ռուսահայ հատուածները, շփուեցան իրարու հետ՝ դնելով մեր ապագայ պետականութեան հիմնաքարը:

Այսօր, այս բոլորը պատմութեան գիրկն են անցած: Չկան կամաւորական խումբերը. չկայ եւ Հայկական լեգէոնը, որ նոյն դատի՝ հայ ժողովուրդի վերածնութեան համար կռուեցաւ Սուրիոյ, Պաղեստինի եւ Կիլիկիոյ ճակատներուն վրայ։ Անոնց շարքերուն մէջ եւս ինկան բազմաթիւ հերոսներ։ Շատերը ընդմիշտ հաշմանդամ դարձան. շատերը հիասթափւեցան։

Խոնարհենք մեր գլուխները անթաղ հերոսներու առջեւ։ Իսկ անոնք, որ կապրին դեռ ֆիզիքական եւ բարոյական տանջանքներու մէջ, ըսենք, թէ ապագայ սերունդները աւելի երջանիկ պիտի լինին քան մենք՝ պիտի տեսնեն մեր վերածնութեան արշալոյսը, որուն համար պայքարեցան եւ տառապեցան անոնք։

Ժողովուրդի մը ազատագրութիւնը միշտ շաղախուած է արիւնով։