Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/234

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նորհիւ տեխնիկայի զարգացման, շուտով պիտի վերջանայ։ Ատոր համար վեցամսեայ ժամանակամիջոց մը կը նշանակէին, որուն համար ալ պատրաստութիւններ կը տեսնէին։

Երբ յայտարարուեցաւ թուրք ռուսական պատերազմը, ռուսական զօրքերը երեք գլխաւոր ուղղութեամբ խուժեցին Թուրքիոյ սահմաններէն ներս՝ Օլթիէն, Սարիղամիշէն եւ Իգդիրէն։ Հայ կամաւորները առաջին շարքերու մէջ էին։ Երեւացին առաջին վիրաւորները։ Կովկաս հասան առաջին փախստականները։ Եւ հայրենասէր ժողովուրդի ջանքերը ուղղւեցան երկու խնդիրներու վրայ. օգնել վիրաւորներուն եւ կազմակերպել գաղթականներու օգնութեան գործը։

Տեսանք արդէն, որ ամբողջ Ռուսաստանի մէջ ժողովուրդը խանդավառուած էր պատերազմով որովհետեւ գիտէր, թէ այդ պատերազմը կը բխէր Գերմանիոյ վերին խաւերու յարձակողական ծրագիրներէն։

Ժողովուրդը պատերազմի մէջ պատասխանատու չէր նկատեր ցարական կառավարութիւնը, ինչպէս որ կընէր ճափոնական պատերազմի ժամանակ, 1905ին։ Այն ժամանակ, ռուս ժողովուրդի մեծ մասը կուզէր Ռուսաստանի պարտութիւնը՝ կարծելով, թէ այդ միջոցով դիւրին պիտի լինի ձեռք բերել քաղաքական որոշ ազատութիւններ:

Այս անգամ, այդպիսի տրամադրութիւններ չկային: Բացի թուրքերէն, բոլորն ալ կը ցանկային Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ պարտութիւնը: Այս անգամ ինք՝ կառավարութիւնը՝ համաձայնութեան եկաւ