Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/235

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

քաղաքներու եւ գաւառներու ինքնավարութիւններու հետ, թոյլ տալով վերջիններուն առաջ բերել հսկայական կազմակերպութիւններ, ռուս բանակի վիրաւորներուն օժանդակութիւն ցոյց տալու համար:

Իսկոյն կազմուեցան երեք մեծ միութիւններ։ Քաղաքներու Միութիւնը, որ պարփակեց իր մէջ Ռուսաստանի բոլոր քաղաքները, բացի Կովկասէն. Գաւառական ինքնավարութիւններու Միութիւնը եւ, ի վերջոյ, այդ երկու կազմակերպութիւններու միութիւնը, որ Զեմզոր անունը կը կրեր։

Այս միութիւններու գործունեութիւնը չեր սահմանափակուեր միասյն հիւանդանոցներ բանալով եւ բժշկական օգնութիւն ցոյց տալով ճակատէն եկած վիրաւորներուն։ Անոնց հովանաւորութեան տակ շուտով սկսան բացուիլ սննդակայաններ, թէյատուներ, վիրաբուժարաններ եւ փոխադրական միջոցներու կայաններ:

Միութիւններու մէջ կաշխատէր քաղաքի եւ գիւղի լաւագոյն մտաւորականութիւնը, որուն վիճակուած էր քաղաքական կարեւոր դեր կատարել հետագային։

Քաղաքներու Միութեան գլուխը կանգնած էր Մոսկուայի քաղաքագլուխ Չելնսկովը, իսկ Գաւառական ինքնավարութիւններու Միութեան գլուխը անցած էր իշխան Գեօրգիյ Լվովը:

Միութիւններու գործունեութիւնը գնալով կը ծաւալէր. հարիւրաւոր միլիոններ ծախսեցին անոնք։ Դրամը կր հոսէր ռուս գանձարանեն:

Ռուս—թրքական պատերազմը մեր առաջ ալ դր—