Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/236

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րաւ նոյնանման միութիւններու կազմութեան խնդիրը։ Երբ թրքական առաջին թնդանօթները պայթեցին, անմիջապէս տեսնուեցայ զինուորական իշխանութիւններու հետ։ Հրահանգ ստացայ առաջ բերելու կովկասեան Քաղաքներու Միութիւնը:

Կովկասի մէջ կային մեծ եւ փոքր 44 քաղաքներ, որոնցմէ աչքի կը զարնէին Թիֆլիսը, Բաթումը, Բագուն, Գեանջան, Երեւանը, Կարսը, Ալեքսանդրապոլը, Քութայիսը եւ այլն։ Որպէս Թիֆլիսի քաղաքագլոււ, ինձ վրայ էր գրուած միութիւնը կազմակերպելու գործը։ Եւ ինձ վրայ առնելով նախաձեռնութիւնը՝ կազմակերպեցի միութիւնն ու սկիզբի օրէն մինչեւ պատերազմի վերջը աշխատեցի այդ միութեան մէջ։

Պէտք էր անմիջապէս հիմնել հիւանդանոցներ 10 հազար մահճակալներով դպրոցական շէնքերու եւ ընդհանրապէս կովկասեան քաղաքներու մեծ տուներու մէջ։ Այդ նպատակին համար, Թիֆլիսի, Երեւանի եւ Ալեքսանդրապոլի մէջ կառուցուեցան յատուկ շէնքեր։ Զինուորական սպայակոյտէն նախնական ծախքերու համար, ստացայ մէկ միլիոն ռուբլի:

Աշխատանքը կեռար: Գործի էին կանչուած հազարաւոր մարդիկ։ Հրաւիրեցի կովկասի 44 քաղաքներու ներկայացուցիչները ընդհանուր համագումարի մը, որ տեղի ունեցաւ Հոկտեմբերի վերջը։ Համագումարի մէջ նկատելի չէր ազգային հակամարտութիւն։ Բոլորն ալ մեծ պատրաստակամութեամբ կուզէին օգնել վիրաւոր զինուորներուն։ Ընտրուեցաւ վարչական մարմին մը Թիֆլիսի, Բագուի, Երեւանի, Ալեքսանդրապոլի, Քութայիսի եւ Վլադիկաւ–