Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/237

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կասի ներկայացուցիչներէն։ Նախագահեցի ես եւ այդ պաշտօնիս մէջ մնացի մինչեւ պատերազմին վերջը:

Այս նոր կազմակերպութեան մէջ ալ հայերը առաջնակարգ դեր կը խաղային։

Զինուորական գործողութիւններու լայնացման պատճառով, Քաղաքներու Միութիւնը իր գործունէութեան սահմանները տարածեց մինչեւ Թրքահայաստանի գրաւուած վայրերը եւ մինչեւ Պարսկաստան: Ծառայողներու թիւը կը հասնէր 10,000ի՝ մէջը հաշուած բժիշկներ, սանիտարներ, գթութեան քոյրեր եւ գրասենեակային պաշտօնեաներ:

Որպէս օգնականներ, ինձ մօտ կաշխատէին աչքի ինկող հասարակական գործիչներ՝ Իշխան Արղութեանը, Թամամշեւը, բժիշկ Մարգարեանը եւ Յ. Խունունցը: Հետագային, երբ Թրքահայաստանի գրաւումով ալ աւելի տարածուեցաւ մեր հիմնարկութիւններու ցանցը, մեր պաշտօնէութեան թիւը բարձրացաւ եւ Քաղաքներու Միութեան մէջ մտան աշխատելու՝ բժիշկ Համօ Օհանջանեանը (Հայաստանի Հանրապետութեան ապագայ վարչապետը), բժիշկ Բաբալեանը եւ Ռուբէն Տէր Մինասեանը (ապագայ նախարարներ Հայաստանի Հանրապետութեան)։

Այն ժամանակուան պայմաններու մէջ, Քաղաքներու Միութիւնը միակ տեղն էր, ուր լաւագոյն կերպով կարող էին իրենց ուժերը օգտագործել Հայ գործիչները. մանաւանդ, որ Քաղաքներու Միութիւնը զբաղած էր եւ գաղթականական գործերով։

Կովկասեան Քաղաքներու Միութիւնը գործեց մէկ ամիս միայն, որպէս անկախ կազմակերպութիւն։