Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/238

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ռուսական Քաղաքներու Միութեան նախագահ՝ Մոսկուայի քաղաքագլուխ Չելնսկովը իր օգնական Կիչկինի հետ Թիֆլիս ժամանեց՝ առաջարկելով ինձ միանալ ռուսական քաղաքներու ընդհանուր միութեան։ Մեր կողմէն առարկութիւն չեղաւ: Տուինք մեր համաձայնութիւնը մտնելու ընդհանուր միութեան մէջ՝ պահելով միաժամանակ մեր ներքին անկախութիւնը տեղական խնդիրներու վերաբերմամբ։

Չելնսկովի հետ այցելեցինք փոխարքային, որուն Չելնսկովը տուաւ մէկ միլիոն ռուբլիի չէք մը, Կովկասի կարիքներուն համար: Պէտք է ըսեմ, որ մենք՝ Հայերս՝ առանձնապէս օգտուեցանք այդ միացումէն որովհետեւ 1915ին, երբ սկսաւ գաղթականական հոսանքը, Մոսկուան մեծապէս օժանդակեց մեզ՝ մեր գաղթականներու օգնութեան գորձին մէջ:

Ժամանակագրական կարգը չկորցնելու համար, այստեղ պիտի պատմեմ Նիկոլայ Բ–ի Թիֆլիս ժամանման մասին, որ տեղի ունեղաւ Նոյեմբեր 26ին:

Ցարը կուզէր տեսնել Կովկասը, Թիֆլիսը իր հիւանդանոցներով եւ ապա կ՝ուզէր այցելել կովկասեան ճակատի զօրամասերը:

Ցարի համանումէն քանի մը օր առաջ, փոխարքայի օգնականը իր մօտ հրաւիրեց զիս եւ վրաց ազնուականութեան պետ՝ իշխան Աբխազին։ Յայտնեց ցարի Կովկաս այցելելու մտադրութեան մասին եւ հետաքրքրուեցաւ, թէ ի՞նչ չափով կարելի է ցարի կեանքը ապահով համարել Կովկասի մէջ: