Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/239

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ըսի, որ ժողովուրդի ընդհանուր տրամադրութիւնը թոյլ կու տայ ինձ մտածելու, թէ ոչ մէկ յեղափոխական կազմակերպութիւն նպատակ ունի ցարի դէմ մահափորձ կազմակերպելու: Այս իսկ պատճառով, ցարի կեանքը միանգամայն ապահով կարելի Է համարել։ Նոյնը յայտարարեց ե՛ւ ազնուականութեան պարագլուխը։

«Սակայն, — աւելցուցի ես — որպէսզի միանգամայն վստահ լինիմ իմ կարծիքիս մէջ, յանձն կառնեմ խօսիլ այդ մասին յեղափոխական կազմակերպութիւներու հետ»։

Ես կատարեցի յանձնառութիւնս եւ այս անգամ աւելի վստահ՝ յայտնեցի կարծիքս փոխարքայի օգնականին:

Թագաւորը ընդունեցինք Թիֆլիսի մէջ: Ես ուղեկցեցի իրեն քաղաքային շէնքերն ու հիւանդանոցները այցելելու ատեն։ Հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ պառկած էր Բայազէտի տակ վիրաւորուած Դրոն: Ցարին ներկայացրի Դրոն։

Ի պատիւ ցարի, Քաղաքային Վարչութիւնը սարքեց ընդունելութիւն մը, ուր հրաւիրուեցան 600 քաղաքացիներ։ Ցարի շուրջ ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ. ոչ ոք կառարկէր, ոչ ոք կը բողոքէր իրեն ցոյց տուած այդ վերաբերմունքին համար։ Ժամանակը այդպէս էր։ Բոլորը մէկ կողմ էին դրած վէճերն ու բողոքները:

Սակայն, ցարը չկարողացաւ օգտուիլ ժողովուրդի տրամադրութիւններէն, չկարողացաւ օր առաջ հաշտութիւն կնքել իր ժողովուրդի հետ:

Երբ իրեն կը ներկայացնէի քաղաքային ինքնա–