Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/24

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ղաքագէտ-դիւանագէտն ու հանրային գործիչը, անիկա կը նպատակադրէ պարզապէս ցոյց տալ անոր տաղանդին եւ արժանիքներուն զանազան կողմերը:

Հանրութեան ծառայելու իր ցուցաբերած անսպառ պատրաստակամութեան պատճառով, Խատիսեան յաջողեցաւ անմիջապէս գրաւել ժողովրդային լայն խաւերու սիրտերը։ Ասիկա՝ ոչ միայն հայ իրականութեան մէջ, այլեւ օտարներու մոտ:

Հանրային գործիչը տէր է զօրաւոր երեւակայութեան։ Աւելին. Աւելին իբրեւ ստեղծագործ միտք, միշտ կը մշակէ նոր ծրագիրներ։ Հանրային գործիչը՛ մնայուն կերպով ներկայ է հասարակական կեանքին մէջ։ Երբեք չի մեկուսացներ ինքզինք, այլ՝ համոզումով ու լաւատեսութեամբ ամբողջականօրէն կապրի իր ժողովուրդին տառապանքը։

Դեռ ուսանող, Խատիսեան կը սիրուի համալսարանական շրջանակին կողմէ։ Այդպէս է, որ շրջանաւարտ ըլլայէ 20-25 տարի ետք, դասախօսները հայ ուսանողներուն կը հարցնէին Խատիսեանի մասին[1]։

Բժշկական իր ասպարէզը, որ ունեցաւ կարճատեւ կեանք, Խատիսեանին ապահովեց լայն ժողովրդականութիւն։ Ամիսը երկու կամ երեք ան–

  1. Համօ Օհանջանեան. «Հայ պետական մարդը». «Յուսաբեր» ԼԱ Տարի, 7 Ապրիլ 1945։