Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/240

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

վարաթեան ծառայողները, ճառ մը արտասանեցի շեշտելով կովկասի պահանջներն ու կարիքները։ Խօսեցի այն բոլոր խնդիրներու վերաբերեալ, որոնց անդրադարձայ նախորդ գլուխներու մէջ, այսինքն՝ բարձրագոյն դպրոցի, երդուեալ դատաւորներու եւ գաւառական ինքնավարութիւններու խնդիրներուն։

Ցարը ինձ պատասխանեց ճառով մը՝ խնդակցութիւն յայտնելով այն մասին, որ ինք եկած է կովկաս, զոր անուանեց «ռուսական թագի ամենալաւ գոհարը», բայց ըստ էութեամբ ան չմօտեցաւ իմ շոշափած հարցերուն։

Հայկական պատուիրակութիւնը եւս այցելեց ցարին: Ես անդամ էի եւ այդ պատուիրակութեան։ Սամսոն Յարութիւնեանը, Հայ Բարեգործական եւ կրթական հիմնարկութիւններու կողմէ այն միտքը յայտնեց ցարին, որ պատերազմը եւ յաղթութիւնը վերջապէս բաւարարութիւն պիտի տան հայ ժողովուրդի ազգային պահանջներուն: Նոյնը ըսած էր ցարին ե՛ւ կաթողիկոսը. երկուսին ալ ցարը պատասխանեց, թէ հայ ժողովուրդին կը սպասէ փայլուն ապագայ մը։

Փոխարքայէն իմացայ, որ ցարը շատ գոհ էր մնացած իր կովկաս այցելութենէն: Գոհ էր եւ ժողովուրդը, որ զանազան երթեր կազմակերպելով՝ կուզէր որ ցարը զինք տեսնէր մօտիկէն։

Քաղաքի մէջ, առանձին միջոցներ ձեռք չէին առնուած ցարի ապահովութեան համար։ Յաճախ ցարի կառքը կանցնէր նեղլիկ փողոցներէն եւ դիւրին էր ռումբի հարուածով մը վերջ տալ իր կեանքին: