Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/241

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Բայց ժողովուրդի տրամադրութիւնները այլ էին այն ժամանակ ցարի հանդէպ։

Ցարը Թիֆլիսի մէջ երեք օր մնաէ ետք, մեկնեցաւ Կարս, ապա՝ Սարիղամիշ եւ ամէնուրեք մնաց գոհ իր տեսածէն:

Վերադարձին, երբ ցարը պիտի մեկնէր Պետերբուրգ, զիս կանչեց պալատական նախարար Բեկկենդորֆը եւ ըսաւ, թէ ցարը կուզէ ինձ պարզեւել աստիճան մը կամ շքանշան մը։ Նախարարը կուզէր իմանալ, թէ այդ երկու պարգեւներէն ո՞րն է նախընտրելին ինձ համար:

Ես խօսեցի այդ մասին Փոխարքայի հետ, որ խուրհուրդ տուաւ ինձ չընդունել որեւէ պարգեւ։ Փոխարքայի խորհուրդը խելօք էր եւ տրամաբանական: Ան ըսաւ, որ ինձ համար բաւական է միապետի բարձր ցանկութիւնը ինձ պարգեւելու, թէ չքանշանը կամ աստիճանը ոչինչ պիտի աւելցնէ այն վերաբերմունքին վրայ, որ ունին դէպի ինձ ռուս իշխանաւորները. ընդհակառակը, ցարի պարգեւով ես պիտի դառնամ բիւրոկրատ աստիճանաւոր մը եւ կորսնցնեմ ժողովուրդի ինծի հանդէպ ունեցած հաւատն ու վստահութիւնը։ Փոխարքան ըսաւ նաեւ, որ իմ արժէքս հենց այդ վստահութեան մէջ է, առանց որուն հենց իրենց՝ իշխանաւորներու աչքին իսկ անարժէք մէկը պիտի դառնամ։

Փոխարքան իրաւացի էր: Ես հրաժարեցայ ցարի պարգեւէն:

Ցարի գալուստը ապացոյց մըն էր, որ դեռ ուչ չէր ժողովուրդի հետ համաձայնութեան եզր մը գտնել։ Բայց ցարը մնայ խուլ եւ կոյր ժողովուրդի պահանջ—