Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/242

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ներուն հանդէպ եւ գրգուած թագուհիէն անտես առաւ իր ժողովուրդի ամէնաէական կարիքները։ Իր կարճատես քաղաքականութիւնը յանգեցաւ մարդկային ամենասարսափելի ողբերգութեան, որուն զոհը դարձաւ նաեւ ինք՝ ցարը՝ ամբողջ ընտանիքի հետ միասին։

Խօսակցութեան մէջ ցարը իր գոհունակութիւնը յայտնեց ինձ, որ Կովկասի ժողովուրդը այսպիսի եռանդով կաշխատի ճակատի եւ վիրաւոր զինուորներու համար։ Ըսաւ նոյնպէս, որ միւս տարի նորէն Կովկաս պիտի գայ, այս անգամ թագուհու հետ միասին:

Դեկտեմբեր 1ին ցարը մեկնեցաւ:

Մէկ շաբաթ չանցած՝ լուր տարածուեցաւ, որ թրքական զօրքերը ձմրան այդ սառնամանիքին, երեւացեր են սահմանին մօտ, Սարիղամիշի տակ։

Ռուսական բանակը, որ փոքրաթիւ էր թրքական ճակատի վրայ, ընդամէնը մէկ կանոնաւոր զօրամարմին (կորպուս) եւ քանի մը երկրորդական զօրամասեր (դիվիզիա), երեք կողմէն շրջապատուած էր թրքական երրորդ բանակէն, որ կազմուած էր 60 բատալիոններէ եւ որուն գլուխը անցած էր Էնվէր փաշան։

Կարս եւ Թիֆլիս տանող միակ երկաթուղագիծը եւ խճուղին թուրքերը գրաւած էին։ Թրքական բանակը յառաջացած էր մինչեւ Արդահան եւ անցած էր մեր զօրքերու եւ Կարսի բերդի թիկունքը:

Օրէնքի համաձայն, կովկասեան ճակատի հրամանատարը ինք՝ Փոխարքան է։ Բայց ի նկատի ունենալով, որ Վորոնցով-Դաշկովը տկար էր եւ ձեր, զին–