Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/243

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ւորական բոլոր գործերը յանձնած էր իր օգնական՝ զօր. Միչյայեւսկիին, որ այդ ժամանակ Սարիղամիշ էր։ Զօրավարը, տեսնելով որ ռուս բանակը շրջապատուած Է հրաման կու տայ զօրքին նահանջել եւ ինքը ձիով կը փախչի Թիֆլիս, ուր զեկուցում կու տայ Փոխարքային ռուս զօրքի անել կացութեան մասին։

Զեկուցումը առաջ բերաւ կատարեալ խուճապ եւ առաջին հերթին վարչական ու զինուորական իշխանութիւններու մէջ։ Որոշուեցաւ անմիջապէս դատարկել Թիֆլիսը եւ վարարչական մեքենան տեղափուել Հիւսիսային Կովկաս։

Այդ նպատակին համար յատկացուեցաւ ինք միլիոն ռուբլի, զոր անմիջապէս իրենց մէջ բաժնեցին պաշտօնեաները եւ «գործերով» լիքը սնտուկներ պատրաստեցին մեկնելու համար։ Մեկնեցին պետական քանի մը հիմնարկութիւններ, լուսաւորութեան վարչութիւնր եւ ուրիշ հաստատութիւններ:

Ուշ երեկոյ էր, երբ զիս կանչեցին զինուորական շտաբը: Գլխաւոր հրամանատարի օգնականը ինձ յայտնեց, թէ Թիֆլիսը քանի մը օրէն կարող է անցնիլ թշնամու ձեռքը եւ թէ պէտք է քաղադի շուրջը խրամատներ փորել, որուն համար հարկաւոր կը լինին 10,000 բանուորներ:

Անմիջապէս վերադարձայ քաղաքապետարան. կանչեցի քաղաքի գլխաւոր գործակալ Շավերդեանին, որ իր տրամադրութեան տակ ունէր 40 գործակալներ եւ պատուիրեցի քաղաքէն գտնել 10,000 բանուորներ։

Առաւօտեան, զիս հրաւիրեցին զօր. Միշյայեւս–