Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/244

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կիի մօտ՝ խորհրդակցութեան: Զօրավարը կը պատրաստէր տեղահանութեան ծրագիրը, ինչպէս նաեւ նոր բանակ՝ Թիֆլիսը եւ Բագուն պաշապանելու: Գլուխը կորսնցուցած կերեւէր ան։

Իսկ ի՞նչ կնէր այդ նոյն ժամանակ ռուս բանակը Սարիղամիշի եւ Հայ ազգաբնակչութիւնը՝ Թիֆլիսի մէջ։ Ի՞նք դեր ունէր խաղալու Թիֆլիսի քաղաքային վարչութիւնը։ Դէպքերը պիտի նկարագրեմ միանգամայն առարկայօրէն:

Զօրավարներէն ստանալով խուճապային հրամաններ եւ զգալով իմ ծայր աստիճանի պատասխանատու վիճակը որպէս քաղաքագլուխի, որոշեցի հարցնել Փոխարքայի կարծիքը: Պէտք է ըսեմ, որ Փոխարքան գտայ արտաքնապէս շատ հանգիստ: Ան եւս կը գտնէր կացութիւնը ծանր, բայց ոչ խուճապային։ Փոխարքան մերժած էր որեւէ պատրուակի տակ թողուլ Թիֆլիսը վտանգի պահուն։ Ան կը հաւատար ռուս բանակի ուժին։

Զօր. Միչյայեւսկին, փախչելով ճակատէն, հակառակ էջին զինուորական բոլոր օրէնքներուն, չէր նշանակած իրեն փոխանորդ մը, այլ հրամայած էր զօրապետներուն «նահանջել՝ իրար հետ համաձայնութեան գալով»։ Զօրքերու շտաբի պետ՝ զօր. Իւդենիչը, խուզարկու աչքով քննելով կացութիւնը, կորոշէ չենթարկուիլ Միչյայեւսկիի հրամանին եւ նահանջի փոխարէն կը հրամայէ կռուի մտնել թշնամիին հետ։

Ջօր՝ Իւդենիչի անձի վրայ պէտք է կանգ առնեմ,