Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/246

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ցութիւնը՝ կորոշէ անցնիլ յարձակման եւ հեռագրով այդ մասին կը հաղորդէ փոխարքային։ Կը խնդրէ միաժամանակ Կարսէն ուղարկել երրորդ դիվիզիան, Սարիղամիշի բանակի օգնութեան հասնելու համար:

Այս հեռագիրը հանգստացուց գլուխը կորսնցուցած թիկունքը եւ բարձրացուց զօրքերու տրամադրութիւնը:

Իւգենիչը կը հրահանգէ զօրքերուն չնահանջել ոչ մէկ քայլ եւ արշաւել թուրքերու վրայ։ Էնվէր փաշան, նոյնպէս գիտակցելով ծանր կացութիւնը, իր զօրքերուն ուղղած հրամանի մէջ կըսէ. «Եթէ ռուսները նահանջեն, անոնք քանդուած են ու կորած եւ Թիֆլիսի ճամբան բաց է մեզ համար։ Բայց եթէ մենք չյաջողինք զանոնք քշել դիրքերէն, այն ժամանակ մեր զօրամասերը ենթակայ կը լինին լուրջ վտանգի»։

Այդպէս ալ եղաւ։ Դեկտեմբեր 11—22ի կռիւներուն մէջ, թուրքերը ամբողջապէս ջարդուեցան։ Էնվէրը գնաց Պոլիս. թրքական մէկ ամբողջ զօրամարմին գերի առնուեցաւ իր սպայակոյտին եւ հրամանատարներուն հետ միասին: Կովկասը փրկուեցաւ:

Ես տեսայ Թիֆլիսէն անցնող թուրք գերի զինւորները: Առանց կօշիկի, պատառոտած շորերով, քանի մը բուռ ցորեն գրպաններու մէջ որպէս սնունդ, ոմանք կացնէին փակ գնացքներով: Բծաւոր թիֆոյէն մեռածները դուրս կը բերէին գնագքներէն։ Համաճարակը մեծ էր անոնց մէջ։

Մինչդեռ իշխանութիւնը մատնուած էր խուճապի, նիստի հրաւիրեցի Քաղաքային Խորհուրդը: Ի