Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/247

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պատիւ անոնց պիտի ըսեմ. թէ բոլորն ալ, մէջն առած ե՛ւ քաղաքի պաշտօնեաները, պահեցին կատարեալ պաղարիւնութիւն եւ սառնասրտութիւն, գիտակցելով հանդերձ վտանգի ամբողջ մեծութիւնը։ Բոլորս ալ մեր դիրքերու վրայ էինք, պատարաստ կատարելու մեր պարտքը եւ ոչ ոք մտածեց այդ ծանր օրերուն թողուլ Թիֆլիսը եւ հեռանալ։

Հայ ազգաբնակչութեան մէջ ալ խուճապը բաւական ծաւալ ստացաւ: Շատերը փախան Թիֆլիսէն։ Կառքերը չափազանց սուղ գիներով դէպի հիւսիս կը տանէին ահաբեկուած ամբոխը։

Յաղթութեան լուրը ցնծութեամբ լեցուց ժողովուրդի ոգին։ Տրամադրութիւնները բարձրացան։ Տխրեցին միայն թուրքերը, որոնք Կարսի շրջանին մէջ Հացի հսկայական պաշար էին պատրաստած թուրք բանակի համար։ Իշխանութիւնը գիտէր այդ պարագան եւ այդ պատճառով ալ պատերազմական վայրերու մէջ գտնուող թուրք ազգաբնակչութիւնը տեղահան կընէր եւ կուղարկէր երկրի ներսերը։

Վրացիները հեռու էին դէպքերու անցուդարձէն եւ կաշխատէին չարտայայտուիլ:

1915ի սկիզբներուն, թուրքերը յետ էին շպրտւած երկրի խորքերը: Բայց Յուլիսին, էնվէր փաշան, հաւաքելով 90 նոր բատալիոններ, թնդանօթների եւ հեծելազօրքի օգնութեամբ, արշաւեց կովկասեան չորրորդ զօրամարմնի վրայ եւ յաղթութիւն տարաւ։ Զօր. Իւդենիչը 20 բատալիոններով դիմեց հակայարձակման եւ կարողացաւ նորէն վերականգնել կացութիւնը։

Ռուսական զօրքի նահանգներն ու առաջախա–