Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/248

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ղացումը անել վիճակ կը ստեղծէին Հայ ժողովուրդին համար, որ Տաճկահայաստանի մէջ գրկաբաց կընդունէր ռուսական զօրքերը եւ անոնց հետ ալ միասին կը բռնէր նահանջի ճամբան դէպի Կովկաս... դէպի Երեւանի նահանգը։

Դեռ 1914ի աշնան ու ձմրան, Էջմիածին եւ Երեւան հասան գաղթականութեան առաջին հոսանքները։

Առաջին օրէն իսկ, Հասարակական կազմակերպութիւնները գործի լծուեցան՝ գաղթականներուն օգնելու համար։ Մոսկուայի մէջ կազմուեցավ Հայկական կոմիտէն, որու նախաձեռնողն էր յայտնի իրաւաբան եւ հասարակական գործիչ Ս. Մամիկոնեանը: Էջմիածնի մէջ սկսեց գործել Եղբայրական Օգնութեան կոմիտէն: Հայ Բարեգործական ընկերութիւնը եւ ուրիշ շատ կազմակերպութիւններ միաժամանակ լծուեցին օգնութեան գործին։ Բայց յետ չմնաց եւ Քաղաքներու Միութիւնը։

Համառուսական Քաղաքներու Միութեան փոխ նախագահ Կիչկինը կովկաս ժամանեց եւ հեռագրով Մոսկուայէն թոյլտուութիւն խնդրեց, որպեսզի Քաղաքներու Միութեան գործունեութիւնը տարածուի նաեւ գաղթականներու վրայ։ Պատասխանը չուշացաւ, որ թոյլտուութիւն կու տար եւ մենք անմիջապէս անցանք գործի։

Ես մեկնեյի էջմիածին եւ այն՝ ինչ տեսայ այնտեղ, երբեք պիտի չմոռնամ։ Սառնամանիք ձմրան օ–