Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/249

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րերուն, անօթի եւ մերկ Հայ գաղթականներ, առանց օթեւանի, գետնի վրայ նստած էին։ Կը յիշեմ՝ ցուրտ երեկոյ մըն էր։ Իմ օգնական Եւանգուլեանի հետ, որ յետոոյ դարձաւ Հայասաանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը Վրաստանի մէջ, գնացինք գաղթականներու մօտ։ Հեռուն հազիւ կը նշմարուէր Մասիսը։ Էջմիածնէ անտառը կը տնքար կարծես գաղթականներու ցաւով ու կը հեծկլտար անոնց արցունքով։

Սոսկալի գիշեր։ Ինչպիսի յուզմունքի ժամեր ապրեցի։

Առաւօտեան, արշալոյսի առաջին ճառագայթները ողողեցին Մասիսի ձիւնապատ գագաթը եւ թանձր կապոյտը վեհօրէն փռուեցաւ անոր փէշերուն։ Ինչպէս աններդաշնակ էր բնութեան այդ վեհ տեսարանը մարդկային ծով թշուառութեան ու տանջանքի հետ։ Քաղցէն, ցրտէն ու համաճարակներէն կը մեռնէին հազարներ, կը մեռնէին երեխաներ եւ կանայք:

Մենք ըրինք, ինչ որ կարողացանք: Բժշկական օգնութիւնը կը հասցնէին բժիշկներ՝ Համօ Օհանջանեան եւ Բաբալեան, Քաղաքներու Միութեան պաշտօնեաներ, որոնք ապագային դարձան Հայաստանի Հանրապետութեան նախարարներ։

Ծանօթանալով գաղթականութեան կարիքներուն հետ, մենք վերադարձանք Թիֆլիս եւ անմիջապէս անցանք գործի։ Փոխարքայի կինը հիմնեց կոմիտէ մը՝ գաղթականներուն օգնութեան համար: Թաթարներու ներկայացուցիչները դիմեցին կոմսուհուն, խնդրելով կոմիտէի աջակցութիւնը Կարսի թա–