Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/25

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

գամ կու տար հրապարակային դասախօսութիւններ, որոնց ներկայ կըլլար, այսւսպէս ըսուած, «ամբողջ Թիֆլիսը»։

Իբրեւ քաղաքապետի օգնական, Խատիսեանի հանրային կեանքին ամէնէն յատկանշական իրագործումը եղաւ Թիֆլիսի ժողովրդական համալսարանի հիմնումը՝ 1906ին բան մը, որ իրագործւեցաւ անոր անդուլ հետապնդումներուն եւ հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ։

Խատիսեան ունէր կազմակերպական շնորհք։ Փաստօրէն, իր քաղաքապետութեան շրջանին, Խատիսեան ոչ միայն յաջողեցաւ բարձրացնել Թիֆլիս քաղաքի վարկը, այլեւ հասցուց զայն համայն Ռուսաստանի համբաւաւոր քաղաք-կեդրոններու մակարդակին։ Ահա՛ թէ ինչու, Վրաստանի մայրաքաղաքը ստացաւ պետական նշանակութիւն եւ հետաքրքրութիւն։

6 Փետրուար 1911ին, քիմիագէտ Ստեփանեանին հետ, Խատիսեանին կը վստահուի քաղաքային հանրային առողջապահական հարցի ներկայացումը՝ Փեթերսպուրկի հակաքոլերային համագումարի աշխատանքներուն մէջ։

Հանրային գործունէութեան մէջ դարձեալ, 7 Յունիս 1911ին, Լիպարիտ Նազարեանցի հաստատումով, Խատիսեան վարչական կնտրուի հայոց թատերական ընկերութեան ընդհանուր ժողովին։ Այս ընկերութիւնը անկայուն վիճակ մը ունէր եւ չէր յաջողած ինքզինք կազմակերպել։ Իր օրով, թատերական կեանքը կը վերաշխուժանայ, նիւթապէս հետզհետէ կապահովուի եւ կօժտուի