Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/250

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

թար գաղթականներու համար, բայց կոմսուհին սառը պատասխանեց.

«Ես չեմ ճանչնար թաթար գաղթականներ, կը ճանչնամ միայն թաթար դաւաճաններ»։

Թաթարներու դիմումը մերժուեցաւ: Կոմսուհին չէր բարեւեր անգամ Բագուի թաթար Բարեգործական Միութեան ներկայացուցիչներուն։ Այս հանգամանքը անշուշտ կազդէր հայ—թրքական յարաբերութիւններու վրայ, որովհետեւ փոխարքայի պալատի մէջ անոնք կը տեսնէին, որ Հայ գաղթականներուն ամենալայն չափով կը յատկացուէին ալիւը եւ հագուստեղէԼն։ Թաթարները, որպէս լաւ դիւանագէտներ, լռեցին այն ժամանակ, բայց իրենց պատասխանը տուին հայերուն մէկ ուրիշ տեղ եւ ուրիշ ժամանակ:

Ծանր էր եւ վրացի ազնուականութեան պարագլուխ՝ Աբխազիի կացութիւնը։ Ան կը ցանկար, որ օժանդակութիւն տրուի եւ թուրք փախստականներուն, բայց չէր ուզեր կոմսուհու հետ ընդհարիլ, իսկ լռութիւնը կը նշանակէր գրգռել իր դէմ թաթարները։ Աբխազին խորհրդակցեց ինձ հետ այդ մասին։ Ըսի իրեն, որ կոմսուհին շիտակ է եւ կտրուկ իր որոշումներուն մեջ։ Ան ինձ հետ համաձայնեցաւ:

Ընդամէնը կովկաս մտան 300,000 հայ գաղթականներ, որոնք մինչեւ այսօր ալ կը կազմեն Հայաստանի ազգաբնակչութեան մէկ մասը։ Այդ գաղթականներէն մաս մըն ալ կապրին Վրաստանի եւ Հիւսիսային Կովկասի մէջ:

Հսկայական գումարներ ծախսուեցան հայ գաղթականութեան վրայ։ Ռուսահայութիւնը տուաւ՝