Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/251

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

4,580,000 ոսկի ռուբլի, գաղութահայութիւնը՝ 620,000 ռուբլի, ռուս կառավարութիւնը՝ 1,700,000 ռուբլի եւ քաղաքագլուխի անգլիական ֆոնտը՝ 670,000 ռուբլի, բացի հագուստեղէնէ, որ բոլոր կողմերէն կը ստացուէր որպէս նուէր։

Այս բոլոր գումարները ծախսուեցան զանազան կազմակերպութիւններու միջոցով մինչեւ 1017ի յեղափոխութիւնը։

Անդրկովկասեան յատուկ իշխանութեան կազմումով նորէն յատկացուեցաւ 10,252,000 ռուբլիի գումար մը, նոյն կարիքներուն համար։

Քաղաքներու Միութիւնը մեծապէս բերաւ իր մասնակցութիւնը գաղթականներու օգնութեան գործին: Բայց շուտով լսուեցան տրտունջքի եւ բողոքի ձայներ: Ռուս բարձրաստիճան զինուորականները կը բողոքէին, որ Քաղաքներու Միութիւնը ամբողջապէս կլանուած գաղթականական գործերով՝ անտես կառնէ վիրաւոր զինուորներու խնամքի գործը։ Այդ մասին տեղի ունեցան որոշակի գանգատներ։

Ես կաշխատէի ապացուցել, որ այդ բոլոր բողոքներն ու գանգատները անհիմն են եւ միտումնաւոր։

Քաղաքներու Միութեան պաշտօնեաներու բացարձակ մեծամասնութիւնը կը կազմէին հայերը. հանգամանք մը, որ նոյնպէս տեղի կու տար դժգոհութիւններու: Մեր գործունէութեան առաջին տարիէն իսկ, մեր դէմ ունեցած հազիւ նշմարելի դժգոհութիւնները պատերազմի վերջին տարիներուն փոխուեցան բացայայտ սառն վերաբերմունքի: