Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/252

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պատերազմի առաջին տարին ոչ մէկ անհամաձայնութիւն պատահեցաւ կեդրոնական եւ կովկասեան իշխանութիւններու միջեւ: Բոլորը կաշխատէին պատերազմի համար, «պատերազմը մինչեւ յաղթական վախճան եւ ամէն ինչ պատերազմի համար» նշանաբաններով։

Ճիշդ է, կեանքի մակերեսէն դուրս, մութ անկիւններու մէջ, աննկատելի կերպով կաշխատէին բոլշեւիկները, բայց այդ աշխատանքը այն ժամանակուան պայմաններու մէջ անարժէք էր եւ ապարդիւն։ Քաղաքներու Միութեան մէջ նոյնպէս կաշխատէին բոլշեւիկները, ինչպէս Աթարեկեանը, Նազարէթեանը, Դանդուրեանը եւ Էլիաւան, որոնք խորհրդային իշխանութեան օրով գրաւեցին առաջնակարգ դիրքեը, բայց այն ժամանակ, անոնք ոչինչով չէին արտայայտեր իրենք զիրենք։

Այդ ժամանակ, բոլշեւիկները կաշխատէին Ժնեւի մէջ, ուր կը բնակէին Լենին եւ ուրիշ կարեւոր բոլշեւիկներ։ Երկրի մէջ անոնց աշխատանքը ապարդիւն կանցնէր։

Ով ռուսերէն գիտէ, թող կարդայ զօր. Սպիրիդովիչի «Ռուս բոլշեւիզմի զարգացման պատմութենէն» վերտառութիւն կրող գիրքը, ուր հեղինակը մանրամասնօրէն կանգ կառնէ բոլշեւիկներու գործունէութեան վրայ եւ կապացուցանէ, թէ ինչպէս անոնց քարոզիչները ոչ մէկ յաջողութիւն ունէին զօրքի եւ ժողովուրդի մէջ։

Արդէն խօսեցանք այն մասին, թէ կովկասեան