Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/253

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

գործերը մեծապէս կախուած էին Պետերբուրգէն, ցարի պալատէն եւ գլխաւոր շտաբէն, ուր կը գտնուէր մեծ իշխան Նիկոլայ Նիկոլայեւիչը։ Այդ իսկ պատճառով կարեւոր է իմանալ, թէ ի՞նչ կը կատարուէր իշխանական բարձր շրջանակներու մէջ, այդ նոյն ժամանակ:

1915 Օգոստոսին, շնորհիւ թագուհու միջամտութիւններուն եւ շնորհիւ այն հանգամանքին, որ ռուս իշխանական շրջանակներու մէջ հանդէս էր եկած կիսագրագէտ մուժիկ մը՝ Գրիգորիյ Ռասպուտին, որ ամբողջ Ռուսաստանի ներքին եւ արտաքին գործերու գլխաւոր տէրն էր դարձած, Կովկասի մէջ տեղի ունեցան մեծ փոփոխութիւններ։ Հեռացուեցաւ պաշտօնէն կոմս Վորոնցով—Դաշկովը, որու փոխարէն փոխարքայութեան կանչուեցաւ մեծ իշխան Նիկոլայ Նիկոլայեւիչը։

Այդ փոփոխութիւնը մեծ նշանակութիւն ունեցաւ Կովկասի եւ հայերու համար, բայց Ռուսաստանի համար ունեցաւ աւելի մեծ եւ կարեւոր հետեւանքներ:

Այս փոփոխութիւններու իմաստը ըմբռնելու համար, պէտք է կանգ առնել Ռասպուտինի անձին վրայ։ Սիբերիոյ խորքերէն, պատերազմէն քանի մը տարի առաջ, Պետերբուրգ էր եկած կիսագրագէտ ծերունի մը, որ շուտով «Սուրբ եւ Աստուծոյ մարդու» համբաւ հանեց։ Ռասպուտինը, իր աչքերու ուժին շնորհիւ, կարողացաւ իրեն ենթարկեց շատ բարձր շրջանակներուն պատկանող կիներ։

Սուրբ մարդու լուրը հասած էր ցարին եւ թագուհիին։ Ասոնք Ռասպուտինի «աստուածային զօ–