Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/254

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

բնութեան» մէջ կը տեսնէին միակ դարմանը իրենց թագաժառանգի համար, որ կը տառասպէր «հեմոֆիլիա» կոչուած հիւանդութեամբ: Այդ հիւանդութիւնը կարտայայտուի երկարատեւ արիւնահոսութեամբ։ Եւ ահա Ռասպուտինը կը դառնայ պալատի ամէնօրեայ հիւրը եւ շուտով մեծ ազդեցութիւն ձեռք կը բերէ ցարի եւ թագուհիի վրայ: Ցարը եւ ցարուհին կը համբուրեն Ռասպուտինի ձեռքը՝ ամէն անգամ, երբ նա ներս կը մտնի։ Ռասպուտինը իր ձեռքը կառնէ կառավարական գործերը եւ այլեւս առանց անոր չեն կատարուիր պետական այնպիսի կարեւոր գործեր, ինչպէս նախարարներու նշանակումը, Պետական Խորհրդի բացումը, դատական խնդիրները: Մէկ խօսքով, Ռասպուտինի կամքը կը դառնայ օրէնք ցարի եւ ցարուհու համար:

Ցարը տկար կամքի տէր մարդ էր եւ Ռասպուտինը գտած էր ճամբան... ազդել ցարի վրայ, աւելի ուժեղ կամքով ցարուհու միջոցով:

Պալատի մէջ, Ռասպուտինը կ՝ընէր այն, ինչ որ կը ցանկար: Շրջապատած էր ինքզինք Պետերբուրգի ամենագեղեցիկ եւ ամենաազդեցիկ կիներով եւ կը ներշնչէր նրանց այն միտքը, թէ միայն իրեն յանձնւող կիները կարող են ազատագրուիլ իրենց վրան ծանրացած մեղքրերէն։

Հետագայ պատմութեամբ, մենք կու տանք այդ մարդու վախճանը եւ կը բացատրենք, թէ ի՞նչ դեր խաղաց այդ՝ միապետութեան եւ գահին անկման մէջ: Հիմա շեշտենք միայն, որ շնորհիւ Ռասպուտինի, միայն Կովկասն ունեցաւ նոր փոխարքայ մը։

Շատերու համար անհասկնալի կը մնայ միան–