Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/255

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

գամայն, թէ ինչպէ՞ս կիսագրագէտ մուժիկ մը՝ միապետական երկրի մը մէջ կարող է այնպիսի ազդեցութիւն ձեռք բերել, որ առանց իր հաւանութեան ոչ մէկ նախարար կրնար իր պաշտօնին վրայ մնալ կամ պաշտօնի կանչուիլ։

Այս հարցի մասին մեծ գրականութիւն կայ՝ ռուսերէն լեզուով։ Հայերէն շատ քիչ բան է գրուած այս մասին։ Ով կարող է կարդալ ռուսերէն, թո՛ղ թղթատէ «Պատկերազարդ Ռուսաստան» շաբաթաթերթի 1931ի ձմրան եւ 1932ի գարնան համարները, ուր մանրամասն պատմուած են այդ արատաւոր ծերունիի գործերն ու արարքները։ Այդ յօդուածներէն կերեւայ, որ Ռասպուտինը, վախնալով մեծ իշխան Նիկոլայ Նիկոլայեւիչի ցարի վրայ ունեցած ազդեցութենէն, թագուհու միջոցով ցարին կը ներշնչէ այն միտքը, թէ Նիկոլայ Նիկոլաեւիչը կը պատրաստէ ըմբոստութիւն մը ցարի դէմ եւ պէտք է օր առաջ հեռացնել զայն ընդհանուր հրամանատարի պաշտօնէն եւ ուղարկել Կովկաս: Թագուհին յամառ աշխատանքով կը կարողանայ համոզել ցարը եւ Նիկոլայ Նիկոլայեւիչը կը հեռացուի հրամանատարի պաշտօնէն՝ նշանակուելով Կովկաս, որպէս փոխարքայ։

Մինչ այդ՝ Կովկասը կապրէր նոր յաղթութիւներու եւ նոր յոյսերու երագներով։ Մեր քաղաքական երկինրը անամպ էր։ Ապրիլեան սոսկալի Եղեռնը մեզ չէր հասած դեռ։ Մենք դեռ չգիտէինք թուերի այն սոսկալի լեզուն, որ այնքան յուսալքեց մեզ։

Հատերազմի պատճառով տեղեկութիւնները կուշանային եւ հատ ու կտոր լուրեր միայն կը հասնէին մեզ։ Աղէտի իսկական պատկերը չգիտէինք եւ