Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/257

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԳԼՈԻԽ ԺԳ.

ԴԷՊՔԵՐԸ ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ

ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ[1]

1915 Օգոստոսին, Նիկոլայ Բ–ը որոշեց անցնիլ զօրքերու հրամանատարութեան գլուխը:

Իր այդ որոշումը իրագործելու համար, պէտք էր հեռացնել մեծ իշխան թՆկոլայ Նիկոլայեւիչը գլխաւոր հրամանատարի պաշտօնէն։ Բայց որպէսզի այդ հեռացումը կրէր պատուաւոր բնոյթ, Նիկոլայ Բ-ը Կովկասի Փոխարքայ եւ կովկասեան բանակի գլխաւոր հրամանատար նշանակեց մեծ իշխան Նիկոլայ Նիկոլայեւիչը: Կովկասի փոխարքայ կոմս Վորոնցով—Դաշկովը իր հրաժարականը տուաւ եւ մեկնեց Թիֆլիսէն:

Ի՞նչ բանը ստիպեց ցարը տալու այդ որոշումը, որ այն ժամանակ դժգոհութիւն պատճառեց ոչ միայն ռուս առաջաւոր տարրերուն, այլեւ կառավարութեան, մեծ իշխաններուն, բանակին եւ մինչեւ անգամ թագաւորական ընտանիքին: Ցարուհու նամակները ուղղուած ցարին, թագաւորի եւ մեծ իշխանի մօտ կանգնահ մարդոց վկայութիւնները եւ իմ

  1. Այս եւ յաջորդ գլուխին (ԺԴ.) ենթախորագիրները աւելցուած են մեր կողմէ: