Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/258

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տպաւորութիւնները՝ ստացած կոմս Վորոնցով Դաշկովէն եւ իր շրջապատէն՝ կասկած չէին ձգեր, թէ տխրահռչակ Գրիգորիյ Ռասպուտինը բախտորոշ դեր մը կատարած էր այդ փոփոխութեանց մէջ։

Ցարին զգոյշ կերպով նախազգուշացումներ կընէր իր շրջապատը, որպէսզի ցարը հրաժարի իր միտքէն։ Կ՝ըսեն, թէ մեծ իշխաններէն մէկը նոյնիսկ կը թողու ճակատը եւ կը շտապէ Պետերբուրգ՝ համոզելու համար թագաւորը, որ ետ կանգնի իր որոշումէն։ Պետական Դումայի նախագահը, յատուկ նամակով, կը խնդրէ ցարէն վտանգի չենթարկել ցարական բարձր հեղինակութիւնը եւ յետ կանգնիլ իր որոշումէն։

Բոլորի համար պարզ էր, որ թուլակամ ցարը չունէր ո՛չ զինուորական պատրաստութիւն եւ ոչ ալ անհրաժեշտ գիտութիւն բանակի հրամանատարութիւնը անձամբ ստանձնելու համար։ Եւրուպական եւ նոյնիսկ գերմանական դիւանագիտական եւ քաղաքական գործիչները նոյն կարծիքն ունէին, որ ցարի որոշումը կարող է կորստաբեր ըլլալ ռուս ժողովուրդի եւ պետութեան համար։ Մինչեւ անգամ, ցարի հրամաններուն անխօս կերպով ենթարկուող նախարարները արտաքին գործերու նախարարութեան մէջ հաւաքուելով կորոշեն դիմել ցարին հետեւեալ նամակով.

«Ամէնաողորմած տէր. մի՛ մեղադրէք մեզ. մեր անկեղծ եւ համարձակ այս դիմումին համար։ Մենք ստիպուած ենք այդպէս վարուիլ. որովհետեւ այդ կը պահանջէ մեզմէ մեր հաւատարիմ հը–