Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/259

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պատակի ոգին, մեր հայրենասիրութիւնը եւ գիտակցութիւնը, որ այսօր կանգնած ենք ահաւոր դէպքերու առջեւ։ Երէկ, նախարարներու ժողովին մէջ, ուր դուք կը նախագահէիք, մենք համարձակեցանք ձեզ յայտնել մեր ընդհանուրի խնդիրը՝ չհեռացնել մեծ իշխան Նիկոլայ Նիկոլայեւիչը հրամանատարութեան պաշտօնէն։ Եւ այսօր գիտակցելով Տէր, որ Դուք չէք հաճիր մեր խնդիրը յարգել, կը համարձակինք նամակով Ձեզ յայտնել, թէ Ձեր որոշումր կը սպառնայ Ռուսաստանին, Ձեզ եւ Ձեր թագաւորական ընտանիքին՝ ծանր հետեւանքներով։ Երէկուան ժոշովին մէջ պարզուեցաւ եւ ուրիշ հանգամանք մը, այն՝ որ նախարարներ ու խորհրդի նախագահին եւ մեր միջեւ կան լուրջ տարակարծութիւններ երկրի ներքին կացութեան գնահատման մասին։ Որեւէ ժամանակ անթոյլատրելի այս երեւոյթր կորստաբեր է պատերազմի ընթացքին։ Ստեղծուած այս կացութեան մէջ. մենք կը կորսնցնենք մեր հաւատը գիտակցօրեն աշխատելու յոգուտ Ձեզ եւ հայրենիքի»։

Նամակը մնաց անպատասխան եւ շուտոավ զայն ստորագրող ութ նախարարները հեռացուեցան իրենց պաշտօններէն:

Սեպտեմբեր 4ին, ցարը մեկնեց ռազմաճակատ եւ ընդնուեց զօրքերու գլխաւոր հրամանատարութիւնը։

Թերեւս ցարը շատ պատճառներ ունրր այդպէս վարուելու: Բայց կանգ առնենք ցարուհու նամակներուն վրայ, որոնք գրուած են ցարին՝ Ռասպու—