Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/26

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նրբաճաշակ թատերասէրներու գոհացում տուող խաղացանկով։

Ա. Աշխարհամարտին, Թիֆլիսի ամբողջ բնակչաթեան հետ խուճապի կը մատնուի նաեւ ռուսական զօրարանակներու սպաներէն ոչ արհամարհելի թիւ մը։ Այդ օրերուն, համայն Ռուսաստանի տարածքին վրայ Խատիսեան աչքի կը զարնէ իբրեւ հասարակական գործիչ։

Լիաժամ հանրային գործիչ էր։ Անանձնական էին իր ծառայութիւնները: Փառքի համար չէր, որ կը տրամադրուէր հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կազմակերպման աշխատանքներուն: Թէեւ ծանրաբեռնուած էր պետական մարդոց յատուկ հասկնայի պարտաւորութիւններով, բայց ժամանակ եւ կարելիութիւններ կը ստեղծէր՝ հանրութեան կարիքներուն հասնելու եւ գործնապէս օժանդակելու:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետութեան ընթացքին, Խատիսեան ծրագրեց Երեւանը օժտել մնայուն թատրոնով։ Կը խորհէր — եւ արդարացիօրէն — որ Թիւֆլիսը դաշնակից բանակային բարձրաստիճան սպաներու ուշադրութեան առանցքը կը դառնար՝ շնորհիւ անոր մշակութային եւ արուեստի ճոխ երեկոյթներուն:

Իբրեւ վարչապետ դարձեալ, մեծ եղած է Խատիսեանի նպաստը Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին կազմակերպական աշխատանքներուն։ Այս մասին ընդարձակ տեղեկութիւններ կան իր «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը» հատորին մէջ։ Այստեղ պէտք է