Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/260

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տինի դրդումով։ Ամբողջ մէկ տարի, պատերազմի սկզբէն 1915 Օգոստոսը, երբ ցարը տուաւ այդ որոշումը, ցարուհին անընդհատ կը գրէր այդ մասին թագաւորին եւ կ՝ըսէր, թէ Ռասպուտինի խնդրանքն է այդ:

Ռասպուտինի խորհուրդները ցարուհու համար երկինքէն եկած ցուցմունքներ էին եւ աստուածային պատգամներ։ Այդ խորհուրդնէրուն ցարուհին կենթարկուէր անխօս եւ կոյր կերպով:

Յայտնի էր, որ շատերը կաշխատէին հեռացնել Ռասպուտինը ցարի պալատէն։ Բայց այդ ուղղութեամբ կատարուած բոլոր փորձերը ապարդիւն կանցնէին։ Թագուհու կոյր, միսթէք հաւատը դէպի Ռասպուտինը՝ առաջ կու գար այն համոզումէն, որ Ռասպուտէնը կը պաշտպանէ թագաժառանգի առողջութիւնը եւ զայն կը փրկէ մահուընէ, որ ամէն օր, ամէն ժամ, կարող է առաջ գալ անոր հիւանդութենէն՝ անդադար արիւնահոսութենէ։

Կոմս Վորոնցով—Դաշկովը կը պատմէր ինձ այն մասին, որ հանգուցեալ թագուհի Մարիա Ֆէոդորովնան, Նիկոլայ Բ–ի մայրը, անգամ մը յաջողած էր համոզել որդին՝ հեռացնելու պալատէն Ռասպուտինը։ Ցարը հեռացուցած էր Ռասպուտինը Պետերբուրգէն եւ ան գացած էր Սիբերիա՝ իր հայրենիքը։ Բայց հազիւ մեկնած մայրաքաղաքէն, թագաժառանգը կը հիւանդանայ եւ բժիշկները կացութիւնը կը գտնեն անյոյս: Ցարուհին յուսահատ վիճակի մէջ կը հեռագրէ Ռասպուտինին եւ կը ստանայ անոր պատասխանը. «Մի՛ վախնաք, թագաժառանգը պիտի առողջանայ»։