Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/261

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Թագաժառանգը կառողջանայ եւ թագուհու հաւատքը դէպի Ռասպուտինի սուրբ զօրութիւնը աւելի կամրանայ: Ռասպուտինը նորէն կը կանչուի Պետերբուրգ:

Բայց թագաժառանգը նորէն կը հիւանդանայ։ Փրոֆեսոր Ֆէոդորովը երկու ժամ անընդհատ կաշխատի կանգնեցնել արիւնահոսութիւնը, բայց ի զուր։ Պալատ կը կանչուի Ռասպուտինը, որ դնելով ձեռքը հիւանդի ճակատին կը դադրեցնէ արիւնահոսութիւնը։

Բժշկապետ Ֆէոդորովը պատմած էր փոխարքային, որ ինք ականատես եղած էր այդ դէպքին:

Ի՞նչն էր արդեօք պատճառը Ռասպուտինի զօրութեան: Ի՞նքը, թէ՞ իր ձեռք առած միջոցները։

Արտաքնապէս, Ռասպուտինի միջամտութիւնը այնպէս ցնցած էր բոլորը, որ ամէնքն ալ անոր կը վերագրէին արիւնահոսութեան դադարումը:

Ցարուհին սկսած էր ջերմեռանդօրէն հաւատալ, որ Ռասպուտինը օժտուած է երկնային զօրութեամբ եւ հրաշագործ ազդեցութիւն ունի մարդոց վրայ։

Այդ դէպքէն յետոյ, թագուհի մայրը այլեւս չկարողացաւ ազդել իր որդու վրայ եւ Ռասպուտինը դարձաւ պալատի մշտական յաճախորդը։

Պարզ է, որ այսպիսի պարագաներու մէջ, Ռասպուտինի յորդորները՝ մեծ իշխան Նիկոլայ Նիկոլայեւիչի դէմ ուղղուած, ցարուհու համար ունէին վճռական նշանակութիւն։ Եւ եթէ ի նկատի առնենք այն հանգամանքը, որ ցարուհին չէր սիրեր մեծ իշխանը եւ իր քոյր Միլիցիան, հասկնալի կը դառնայ,