Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/262

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

որ Ռասպուտինի խորհուրդներուն ան կը միացնէր եւ իր անձնական կիրքերն ու անվստահութիւնը:

Դառնանք ցարուհու նամակներուն։

1914 Սեպտեմբերէն սկսած մինչեւ 1916 Դեկտեմբեր, երկու տարի շարունակ, ցարուհին 27 անգամ կը զգուշացնէ ցարը մեծ իշխան Նիկոլայ Նիկոլայեւիչի դաւաճանական միտումներու մասին: Առաջին նամակի մէջ ան կը գրէ.

«Գրիգորին (Ռասպուտինը) քեզ շատ կը սիրէ եւ չուզեր, որ Նիկոլաշը (մեծ իշխանի արհամարհական անունը) որեւէ դեր խաղայ»։

ժամանակագրական կարգով մէջբերումներ ընենք այդ նամակներէն, որոնք գլխաւորապէս ուղղուած էին Նիկոլայ Նիկոլայեւիչի եւ իր շրջապատին դէմ։

«Շատ վատ է, կը գրէ ցարուհին, որ նիկոլաշը, ուրիշներու դրդմամբ, կը խառնուի այնպիսի հարցերու, որոնք քեզ կը վերաբերին միայն։ Աստուծոյ եւ ժողովուրդի առջեւ դու ես միակ ընտրեալը եւ ոչ ոք իրաւունք ունի բռնադատելու քո իրաւունքները: Կը վախնամ, որ Նիկոլաշը այնպիսի չարիքներ ստեղծէ, որ դժուար լինի քեզ շտկել ապագային»։

Ուրիշ նամակի մը մէջ ան կը գրէ.

«Չնայած որ Նիկոլաշը բարձր պաշտօնի մը վրայ կր գտնուի, բայց գիտցիր, որ իրմէ բարձր