Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/263

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կանգնած ես դուն։ Զիս եւ մեր բարեկամը (Ռասպուտինը) շատ կը զայրացնէ այն հանգամանքը, որ Նիկոլաշը քո ոճով հեռագիրեր կու տայ նահանգապետներուն եւ կարգադրութիւններ կընէ»։

Կ՝երեւի, որ Ռասպուտինը յաջողած էր կասկածի որոշ սերմեր ցանել ցարուհու մէջ մեծ իշխան Նիկոլայ Նիկոլայեւիչի հաւատարմութեան մասին եւ այդ սերմերը ժամանակին տուին շատ առատ բերքեր: Երբ 1915 Ապրիլին ցարը պիտի մեկնէր Լվով, ցարուհին կը գրէր.

«Ես պիտի խնդրեմ մեր բարեկամէն, որ առանձնապէս աղօթէ քեզ համար, երբ դու լինիս այնտեղ։ Նիկոլաշը չէ, որ պիտի քեզ ուղեկից լինի։ Դուն պէտք է չբաժնես հեղինակութիւնդ եւ լինիս այնտեղ առաջին տեղին վրայ։ Ռասպուտինը չուզեր, որ Նիկոլաշը քեզ ուղեկցի, որովհետեւ լաւ է որ դուն մինակ լինիս։ Յիշիր, որ դուն երկար ես թագաւորած եւ աւելի փորձառու ես, քան անոնք։ Եթէ Նիկոլաշը սխալներ կը գործէ, թոյլ տուր. պատերազմէն ետք ան փոշի կը դառնայ եւ դուն պիտի ուղղես անոր սխալները։ Հաւատա՛ եւ լսի՛ր մեր բարեկամին. անոր խորհուրդները քո եւ Ռուսիոյ օգտին համար են։ Չէ՞ որ Աստուած զուր չէ, որ զրկած է զայն մեզ։ Իսկ մենք պէտք է աւելի մտիկ ընենք իր խորհուրդներուն։ Ի՜նչ լաւ է, որ մենք ունինք ոչ միայն իր աղօթքները, այլեւ իր խորհուրդներր»:

Ցարուհին լրջօրէն կը վախնար մեծ իշխան Նի–