Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/264

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կոլայ Նիկոլայեւիչի միջամտութենէն պետական գործերուն։ Ան խորհուրդ կու տար ցարին գլխաւոր ռազմակայանի մէջ չզբաղիլ երբեք լուրջ հարցերով։

«Ոչ ոք գիտէ, — զայրացած կը գրէր ցարուհին — թէ ո՞վ է կայսրը։ Դուն ստիպուած ռազմակայան կերթաս, այնտեղ կը հաւաքես քո նախարարները, կարծես թէ այստեղ՝ Պետերբուրգի մէջ անկարող ես այդ ընել։ Այնպէս կերեւի, որ Նիկոլաշն է գործ տեսնողը ան է, որ պաշտօնեաներ կը նշանակէ, կը հեռացնէ, որոնումներ կու տայ։ Ես յուսահատած եմ սաստիկ։ Դուն նորէն երկարօրէն կը բացակայիս։ Ռասպուտինը կըսէ, թէ այդպէս պէտք չէ վարուիս։ Ամէն ինչ կը կատարուի իր կամքին հակառակ։ Սիրտս լեցուն է արիւնով։ Ախ, իմ Նիկա, գործերը սխալ ընթացք կը ստանան։ Նիկոլաշը քեզ իր մօտ կը պահէ, որպէսզի քեզ ստիպէ ենթարկւել իր կամքին եւ վատ խորհուրդներուն։ Մի՞թէ դուն չես հասկնար, թէ այն մարդը, որ կը դաւաճանէ Աստուծոյ ընտրեալին, ընդունելի չէ իրեն՝ Աստուծոյ համար եւ իր գործերը երբեք լաւ չեն կարօղ լինել»։

Քանի մը օր ետք, ցարուհին նորէն կը գրէ.

«Հանրութեան մէջ ոչ ոք գիտէ Նիկոլայ Նիկոլայեւիչի իսկական դերը, տեսակ մը երկրորդ կայսր լինի կարծես»։

Ցարուհու թախանձանքները վերջապէս արդիւնք կու տան։ Օգոստոս 20ին, ցարը զինուորական նախարար Պոլիվանովի հետ նամակ մը կուղարկէ մեծ իշխանին յայտնելով անոր, թէ ինք որոշած է իր վրայ առնել հրամանատարի պաշտօնը եւ Նիկոլայ