Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/265

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Նիկոլայեւիչը կուղարկէ Կովկաս՝ Փոխարքայի եւ կովկասեան բանակի հրամանատարի պաշտօնով: Օգոստոս 23ին, ցարը նամակ մը կուղարկէ նաեւ Վորոնցով—Դաշկովին, որուն կը դառնանք մեր պատմութեան հետագայ ընթացքին։

Աեծ իշխանը թողուց ռազմակայանը եւ մեկնեցաւ Կովկաս:

Օգոստո 22ին, ցարուհին խանդավառ նամակ մը կուղղէ ցարին.

«Ես չեմ գտներ խօսքեր՝ գոհունակութիւնս քեզ յայտնելու համար։ Դու ապացուցեցիր, որ դու ինքնիշխան միապետ ես, առանց որու Ռուսիան չի կրնար ապրիլ»։

Այս նամակին մէջ ցարուհին քանի մը տաք տողեր նուիրելով իր սիրելի ամուսնուն՝ կ՝աւելցնէ, որ քանի դեռ Նիկոլաշը մեկնած չէ ռազմակայանէն, ինք միշտ անհանգիստ պիտի մնայ։

Ռասպուտինը արդէն առանց քաշուելու կը մեղադրէ Նիկոլայ Նիկոլայեւիչը դաւաճանութեան մէջ՝ վերագրելով անոր ցարը գահընկէց ընելու եւ վանքի մը մէջ նետելու միտումները:

Ցարուհին ռազմակայանէն կը հեռացնէ մեծ իշխանի բոլոր կողմնակիցները, ինչպէս եւ իշխան Օրլովը, որ օգտուելով իր մտերմութենէն ցարի հետ, կը զգուշացնէ զայն՝ Ռասպուտինի չարագործ ցանցին մէջ իյնալէ։ Բայց ցարը դրական պատասխանի փոխարէն կըսէ Օրլովին.

«Դուն կերթաս Կովկաս, որպէս օգնական Փոխարքայի»: