Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/266

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

«Բայց ես պատրաստ չեմ այդ պաշտօնին», կը պատասխանէ Օրլովը:

«Ոչինչ, այնտեղ կը սորվիս». — կաւելցնէ ցարը։

Եւ Օրլովը կը մեկնի Կովկաս։

Օրլովէն ետք, պաշտօնէն հեռացուեցաւ ներքին գործերու նախարարի օգնական՝ զօր. Չունկովսկին, որ Ռասպուտինին մասին ներկայացուցած էր մանրամասն զեկոյց մը։ Պաշտօնանկ եղաւ եւ Սինողի դատախազ Իստոմինը, որ Ռասպուտինի հակառակորդներէն էր. ան ուղարկուեցաւ Կովկաս, որպէս Փոխարքայի դիւանապետ:

Ռասպուտինը այսպիսով հասաւ իր նպատակին: Իր գլխաւոր թշնամիները հեռացուած էին Պետերբուրգէն եւ իրենց պաշտօններէն: Նախարարներու աթոռները գրաւած էին անկամ եւ Ռասպուտինի հաւատարիմ մարդիկ։

Բայց հեռաւոր Կովկասէն անգամ Նիկոլայ Նիկոլայեւիչը հանգիստ չէր տար ցարուհուն։ Սեպտեմբեր 10ին, վերջինս նորէն կը գրէ ցարին.

«Երբ պահքի երեք օրերուն եկեղեցիին մէջ աղօթքներ կընէին քեզ համար, դուրսը կը տարածէին Նիկոլաշի նկարները հազարաւոր օրինակներով։ Ի՞նչ է այս։ Անոնք խաղ մը կուզէին խաղալ։ Մեր բարեկամը (Ռասպուտինը) ժամանակին բացաւ անոնց քարտերը եւ այժմ կը խնդրէ քեզմէ հեռացնել Նիկոլաշը բոլորովին։ Միլիցան եւ Ստանան (մեծ իշխանի կինը) ամէն տեսակի լուրեր կը տարածեն իմ մասին եւ կուզեն զիս արգելա–