Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/267

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

փակել վանքի մը մէջ, եթէ յաջողի իրենց դիւային ծրագիրը»։

Եթէ ուշադրութեամբ կարդալու ըլլանք ցարուհու նամակները, կը տեսնենք, որ Ռասպուտինի խորհուրդները մեծ իշխանի եւ իր շրջապատի մաււին կը հաւանէին ցարին՝ ցարուհու միջոցով։ Ինք՝ Ռասպուտինը կը մնար միշտ շուքի մէջ:

Անձնաւորութիւն մը, որ մօտիկ կանգնած էր թագաւորական ընտանիքին եւ պալատին, կը պատմէր, որ Ռասպուտինը, հազիւ քանի մը անգամ միայն, հանդիպած եւ խօսած է ցարին հետ։ Իր խորհուրդներն ու ցանկութիւնները ան կը փոխանցէր ցարին՝ թագուհու կամ տիկին Վիրուբովայի միջոցով, որ ցարուհու ամէնէն մօտիկ բարեկամուհին էր։

Ցարին մօտիկ անձեր կը կարծեն, թէ երկու կարեւոր հանգամանքներ դեր խաղացած են ցարի պատմական որոշման մէջ. նախ, այն յոյսը, թէ գլխաւորելով բանակը աւելի պիտի յաջողի պատերազմական գործողութիւններու մէջ։ Երկրորդ այն վախը, թէ բանակի յաղթանակը մեծ իշխան Նիկոլայ Նիկոլայեւիչը կրնար օգտագործել՝ իր հեղինակութիւնը բարձրացնելու եւ գահին սպառնալու համար։

Ոստիկանական բաժանմունքի նախկին պետ՝ Բելեցկին՝ իր յուշերուն մէջ կը գրէ, թէ Ռասպուտինը կը պնդէր, որ Նիկոլայ Նիկոլայեւիչը կերազէր գահ բարձրանալու մասին։ Իսկ Նիկոլայ Նիկոլայեւիչի