Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/268

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

օգնական՝ զօրավար Դանիլովը կ՝ըսէ, թէ մեծ իշխանի համար միանգամայն անսպասելի եւ անհասկնալի էր ցարի որոշումը այն ժամանակ, երբ Ռուսաստանը կը գտնուէր ծանր ճգնաժամի մէջ: Ռուսիան եւ բանակը այդ ծանր օրերուն գրկուեցան իրենց ամենալաւ եւ կարող հրամանատարէն։

Ցարուհին հանգիստ չէր, քանի մեծ իշխանը չէր մեկնած ռազմակայանէն։

«Հոգեակս. — կը գրէ ցարուհին — անմիջապէս ճանապարհիր Նիկոլաշը դէպի հարաւ։ Անգամ մը եւս ցոյց տուր կամքդ եւ ուժդ»։

Բայց երբ մեծ իշխանը հասաւ Թիֆլիս, Ռասպուտինը նորէն գոհ չմնաց։ Ցարուհին նորէն կը զգուշացնէ ցարը հսկել Նիկոլաշի վրայ Կովկասի մէջ, որպէսզի այնտեղ կացութիւնը չբարդանայ։

«Պէտք է երբեմն-երբեմն մարդիկ ուղարկել Կովկաս, — կր գրէ ցարուհին — իմանալու համար, թէ ի՞նչ կանցնի կը դառնայ։ Մեր բարեկամն է, որ այս խորհուրդը կու տայ քեզի։ Գիտցիր, որ շատերը կը յանդգնին անուանել զայն Նիկոլայ Գ.»։

Ցարուհու կասկածները գնալով կուժեղանան։ Անոր կը թուի, թէ մեծ իշխանը, իր կինը եւ շրջապատը, դաւադրութիւն կը պատրաստեն ցարի դէմ: 1916 Նոյեմբեր 5ին, ցարուհին հետեւեալ տողերը կը գրէ ցարին.

«Հոգեակս. զգոյշ եւ զգոյշ եղիր։ Աւելորդ խոստումներ չընես Նիկոլաշին: Յիշիր, որ Ռասպուտինը փրկեց քեզ այդ չար մարդէն: Պէտք չէ, որ դուն բարի ըլլաս Նիկոլաշի, Եանուշկեւիչի եւ