Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/269

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Օրլովի հանդէպ։ Յիչիր, թէ ի՞նչ չարիք կուզէին գործել անոնք քո եւ Ռուսաստանի գլխուն։ Անոնք կուզէին գահընկէց ընել քեզ, իսկ զիս՝ արգելափակել վանքի մը մէջ։ Օրլովի մօտ կը գտնուէին բոլոր թուղթերը՝ կնքուած ու պատրաստ»։

Մինչ այդ, Ռուսաստանի մէջ տեղի կունենային չարագուշակ դէպքեր:

Պետական Դուման, փորձելով բոլոր խաղաղ միջոցները, ընտրած էր յեղափոխութեան ճամբան: Գաւառային եւ քաղաքային համաժողովները բացարձակ կը պահանջին պատասխանատու կառավարութիւն։ Ռասպուտինի ազդեցութիւնը եւ միջամտութիւնը պետական գործերուն ծայր աստիճանի խախտած էր պետական մեքենան: Մթնոլոտը ելեկտրականացած էր։ Իշխան Իւսուպով մութին մէջ կը պատրաստէր Ռասպուտինի սպանութիւնը։

Դեկտեմբեր 9ին, Ռասպուտինի սպանութենէն մէկ շաբաթ առաջ, ցարուհին կը գրէ ցարին.

«Մեր բարեկամը կըսէ, որ Ռուսաստանի համար սկսած են ահաւոր օրեր եւ եթէ դուն հեռացուցած չլինէիր Նիկոլաշը, այսօր քո գահը պիտի փլէր վերջնականապէս»:

Դեկտեմբեր 16ին, Ռասպուտինը սպաննուեցաւ, իսկ երեք ամիս ետք, Նիկոլայ Բ-ը հրաժարեցաւ ցահէն։ Նոր դարագլուխ մը բացուեցաւ ռուս պատմութեան համար:

Այն ժամանակ, երբ Ռասպուտինը իր ցանցերը կը լուրէր, երբ գահին շուրջ տեղի կունենային էնթրիկներ՝ բարձր պաշտօններ ստանալու համար, երբ