Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/27

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

շեշտել այն իրողութիւնը, ըստ որուն իր վարչապետութեան 14ամսեայ ժամանակաշրջանի ընթացքին. Հայաստանի շինարարութիւնը, պետական կաոռյցն ու արդարադատութեան վարչական կառոյցները արագօրէն մտան իրենց բնական հունին մէջ՝ կազմակերպելով ներքին կեանքը։ Աւելին. իր օրով, Հայաստան սկսաւ հետաքրքրութեան առարկայ դառնալ միջազգային կեանքին մէջ։

Խատիսեանի եղբայրները չէին գիտեր հայերէն լեզուի կանոնաւոր գործածութիւն։ Պէտք է լսել սակայն, թէ ընտանեկան մթնոլորտը անոր կը ներշնչէ հայրենասիրական ոգի. Խատիսեան կը մեծնայ այդ շունչով եւ ապրումով։ Նոյն տոգորումով՝ ան կարտասանէ հայրենասիրական բազմաթիւ ճառեր հրապարակային հանդիպումներու եւ ժողովներու ընթացքին։

Բազմակողմանի զարգացման տէր անհատականութիւն մըն էր Խատիսեան։ Այլազան յօդւածներ գրած է Թիֆլիսի թերթերու եւ պարբերականներու մէջ։ Հրատարակած է գրքոյկներու շարք մը՝ տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային հարցերու մասին։ Հայ գրականութենէն կատարած է թարգմանութիւններ՝ ռուսերէն լեզւով։ Ունի պատմական երկու յուշագրական երկեր — «Հայասաանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը» եւ «Քաղաքապետի մը յիշատակները» — որոնք առաջին անգամ լոյս տեսած են «Հայրենիք» ամսագրին մէջ։ Առաջինը երկու անգամ լոյս