Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/270

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

արեւմտեան ճակատի անյաջողութիւնները հարիւր հազարներ տեղահան կընէին իրենց հետ բերելով մահ ու կոտորած, Կովկասը կապրէր իր ինքնուրոյն կեանքով:

Եթէ ի նկատի առնենք այն հանգամանքը, որ Կովկասը ունէր իր առանձին վարչական կազմը, կեդրոնացած Փոխարքայի ձեռքերուն մէջ, որ Փոխարքայ Վորոնցով—Դաշկովը եղած էր պալատի նախարար երկու ցարերու ժամանակ եւ Նիկոլայ Բ. մեծցած էր իր ծունկերուն վրայ, կը տեսնենք, որ Կովկասը տեսակ մը անկախ երկիր էր, որ կապրէր իր ուրոյն հոգերով եւ շահերով:

Այդ երկրին մէջ, կը բնակէին չորս աշխոյժ եւ ժրաջան ժողովուրդներ՝ հայերը, վրացիները, թաթարները եւ լեռնականները, ունենալով իրենց մտաւորական ուժերը, ժամուլը, դպրոցները, հանրային հաստատութիւնները եւ քաղաքական կազմակերպութիւնները։ Այդ ժողովուրդները, որ կորսնցուցած էին իրենց անկախութիւնը, կապրէին իրենց ազգային կեանքով՝ աշխատելով պահպանել իրենց ազգային ինքնուրոյնութիւնը, ապա նաեւ ձեռք բերել անկախութիւն։

Ռասպուտինի լարած ցանցին թելերը չէին հասներ Կովկաս: Այդ մասին կը խօսէին բոլորը, որպէս վտանգաւոր, բայց շատ հեռաւոր երեւոյթի մը մասին։ Սակայն, Կովկասի մտաւորականութիւնը կը բաժնէր ռուս մտաւորականութեան վախերը՝ ճակատի անկազմակերպ վիճակի, պետական մեքենայի վերակազմումին եւ ռեժիմի փոփոխութեան մասին։