Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/271

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Կռուող բանակի անասելի զրկանքները, իշխանութեան ոճրագործ թերութիւնները եւ դաւադրութիւններու լուրերը կը հասնէին կովկաս եւ կը գրգռէին ժողովուրդը։

Անձամբ լսած եմ մեծ իշխան Նիկոլայ Միխայլովիչէն, որ կեդրոնին մէջ եւ թագին շուրջ տեղի ունեցող դէպքերը դատապարտելի են ամէն տեսակէտով։

Կովկասը հեռու էր Ռասպուտինի ազդեցութենէն։ Ոչ մէկ ռասպուտինեան թեկնածու չէր գրաւած Կովկասի վարչական պաշտօններէն որեւէ մէկը։ Բայց տեղի էր ունեցած հակառակը։ Ռասպուտինի հակառակորդները բարձր պաշտօններով աքսորուած էին կովկաս:

1915 Օգոստոս 23ին, Շերեմետեւի միջոցով, ցարը նամակ մը կուղարկէ Փոխարքային՝ հետեւեալ բովանդակութեամբ.

«Պարտք կը համարիմ զգուշացնել ձեզ, որ ես որոշած եմ անցնիլ զօրքերու գլուխը, որպէս ընդհանուր հրամանատար։ Այդ իսկ պատճառով, Նիկոլայ Նիկոլայեւիչը ազատ կարձակուի իր պաշտօնէն եւ կը նշանակուի ձեր պաշտօնին։ Յոյս ունիմ, թէ դուք կըմբռնէք իրերու լրջութիւնը, որ կը ստիպէ զիս կատարել այս փոփոխութիւնները»:

Օգոստոսի վերջը, Փոխարքայի դիւանապետ Պետերոսնը, Հրաւիրեց զիս Բորժոմ, ուր այն ժամանակ կը բնակէր փոխարքան՝ մեծ իշխան Նիկոլայ Միխայլովիչի կալուածին մէջ։ Ես անմիջապէս մեկնեցի այնտեղ։ Փոխարքան զիս ընդունեց եւ ըսաւ.

«Տասը տարուան իմ գործունէութիւնը կա–