Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/272

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պեց զիս Կովկասի եւ իր ժողովուրդին հհտ։ Այսօր, մեծ վիշտ մը կը զգամ թողելով Կովկասը։ Կուզեժ ձեր միջոցով իմ շնորհակալութիւնս յայտնել Թիֆլիսի քաղաքային վարչութեան եւ ժողովուրդին այն ընդունելութեան եւ վերաբերմունքին համար, որ ցոյց տուին իմ եւ տիկնոջս հանդէպ։ Կուզեմ յայտնել ե՛ւ այն պատճառները, որ կը ստիպեն զիս թողուլ կովկասը»։

Կոմսը քցոյց տուաւ ինձ ցարի նամակը եւ ըսաւ, թէ մեծ իշխանը նոյնպէս կը սիրէ Կովկասը։ Ըսաւ, թէ ճամբու վրայ ինք պիտի հանդիպի մեծ իշխանին եւ պիտի ըսէ անոր, թէ վսաահութեան արժանի եմ ես եւ Թիֆլիսի քաղաքային վարչութիւնը։

Կոմսը իր խոստումը կատարեց։

Խոսակցութեան ընթացքին, ան ըսաւ, թէ ցարի որոշումը վախ կ՝առաջացնէ իր մէջ, թէ Ռուսաստանին Հարկաւոր են այսօր այլ պայմաններ, թէ պէտք է հաւատալ ժողովուրդի ընտրեալներուն եւ գործի կանչել ժողովուրդի լաւագոյն տարրերը, թէ պէտք է ստեղծել պատասխանատու կառավարութիւն:

Կոմսը ցոյց տուաւ նաեւ իր պատասխանը ցարին.

«Ձերդ մեծութիւնը որոշած է անցնիլ զօրքին գլուխը։ Բայց պէտք է, որ Ձեր հրամանատարութեան ներքոյ զօրքը յաղթական լինի։ Այլապէս վտանգ կը սպառնայ Ձեր հեղինակութեան եւ թագաւորութեան։ Ես կը հաւատամ մեր զօրքի յաղթական ուժին, բայց կը կասկածիմ այժմեան կացութեան շուտափոյթ փոխուելուն»։

Կոմսը կը վախնար ճակատի կացութենէն եւ